2014-10-26 10:30:20

Ընկերային շարժումներու ներկայացուցիչներու հաւաքը Վատիկանի մէջ` ''ձայն անօճախ եւ աւաններու մէջ ապրող հողազուրկներուն''։


(Ռ.Վ. 26 հոկտեմբեր 2014) Նախաձեռնութեամբ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ ընկերային գիտութիւններու քահանայապետական կաճարին, ընկերային ժողովրդական հարիւրաւոր շարժումներու ներկայացուցիչները միատեղ կը հաւաքուին Վատիկանի մէջ, 27-29 հոկտեմբեր, որպէս կէտ նպատակ ունենալով` ձայն տալ գործազուրկ, անտէր, հողազուրկ եւ վրանաբնակ մարդոց։
''Հանդիպումի մշակոյթը ի սպաս ժողովուրդներուն. Ժողովրդական տարբեր ձեռնարկներ զանցառութեան եւ ընկերային անարդարութեան դէմ Ֆրանչիսկոս Պապի ընկերային տեսլականի լոյսին տակ'' բնաբանով Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Պոլիվիայի հանրապետութեան նախագահ Էվօ Մորալես։
Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, այս առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը, ընկերային շարժումներու ներկայացուցիչներուն համար, եռօրեայ խորհրդաժողով մը կը գումարէ Վատիկանին մէջ։ Խորհրդաժողովը առիթ պիտի տայ խոնարհաբար լսելու ''լուսանցայիններու'' տառապանքը, ակնկալիքները, յոյսերն ու առաջարկները, ըսաւ կարդինալ Թուրքսոն` նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, մամուլին ներկայացնելով Վատիկանի մէջ գումարուելիք ընկերային շարժումներու ներկայացուցիչներու հաւաքը։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` Հոկտեմբերի 28-ին, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ վերոյիշեալ հաւաքին։ Ան միշտ մօտը եղած է Պուէնոս Այրեսի վրանաբնակներուն։ Պոլիվիայի հանրապետութեան նախագահ Էվօ Մորալես հաւաքին կը մասնակցի որպէս երբեմնի բանուորական շարժումի ղեկավար։
Հաւաքին ընթացքին քննարկուելիք նիւթերը բաժնուած են 5 մասերու` Հաց, Հող, Տուն, Բնութիւն եւ խաղաղութեան ի սպաս շարժումներ։ Հաւաքին այլ կէտ նպատակներէն մին է նաեւ ստեղծել ընկերային շարժումներու համաշխարհային ցանց մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.